Կին մը միայն, որ այս վիճակը կը տեսնէր եւ որուն երեսին վրայ նկարուած էր այլայլութիւն եւ յուսահատութիւն, Բիւրեղ տիկին, առանց ինքզինք կորսնցնելու իր կենաց պահպանութենեն աւելի ուրիշ մտածութիւն մը մտքին մէջ յանկարծ գալով, մտաւ իր աղջկանց սենեակը, տեսաւ Նազէնիկը, որ գոզալով ծունկի վրայ կ'աղօթէր, իւր քրոջ անկողնին քով, որ հանգիստ եւ անխռով կը քքէանար: Այդ կինը, որուն աչքերը ոչ արտասուքով այլ արիւնով լցուած էին, առանց խօսելու գրկեց մէկը եւ միւսին ձեռքեն բռնելով` կայծակի արագութեամբ վազելով իջաւ սանդուխներէն վար, իջաւ պարտէզին գահերեն վար, մինչեւ լճին եզերքը. հոն դրաւ փոքրիկ մակոյկին մէջ տղան. մտուց իւր շփոթած աղջիկը, եւ ինքն որ մտաւ, «փա՜ռք քեզ աստուած իմ» աղաղակեց եւ թիակ մը ձեռքին առած բացուեցաւ ցամաքեն, ուրախութեան ծիծաղ մը եկաւ երեսին, եւ երկու ձեռքով աղջկանը փաթաթուելով. «Ահա ազատեցանք, Նազէնիկս, մեր պատիւը անարատ կրնանք հոս այս լճիս մէջ թաղել», – ըսաւ: Իսկ այդ քնքուշ եւ միամիտ աղջիկը. «Հոս չեն կրնա՞ր հասնիլ ուրեմն այդ անզգամները, մայրիկ», – կը հարցնէր: Իսկ փոքրը` զարմացած, շփոթած իւր սուր եւ սեւ աչքերեն քունը թօթափելով. «Ո՞ւր կ'երթանք մայրիկ, դու գիտե՞ս թիավարել», – կ'ըսէր: «Այո, զաւակս, այսօր պիտի թիավարեմ», – ըսաւ եւ թիակներն անցուց եւ սկսաւ ամենայն զօրութեամբ հեռանալ` ուղղուիլ դէպի այդ լճակին միմիայն փոքրիկ կղզին. միշտ աչքերը դէպի ամրոցն ունելով: Խեղճ կինը այդ լճակը փոքրիկ կը գտնէր եւ այդ յուսահատութեան մէջ դեռ նուազ յոյս մը կը պահէր եթէ մէկը այդ գազաններէն զինքը չի տեսնէր. բայց աչն յոյսն էլ ոչնչացաւ, երբ հազիւ թէ կղզուոյն եւ բերդին մէջտեղի միջոցն հասաւ, տեսաւ, որ մէկ, երկու, երեք եւ դեռ քանի մը հատ ճիւաղներ իրենց մէջ կը խոսէին. թէպէտ լեզունին չէր հասկնար, բայց կ'իմանար իրենց շարժմունքեն թէ իւր վրայ կը խոսէին, եւ իրեն հասնելու հնարք կը փնտրէին: Յուսահատութիւնը արտաքոյ կարգի զօրութիւն մը տուած էր իրեն, զարմանալի յաջողութեամբ կը թիավարէր եւ նոյն միջոցին կը եսներ, որ քանի մը հատ այդ ճիւաղներէն կը թողուին իրենց զգեստները կը նետուէին ջուրը չուր ետեւեն. ոմանք շուտ մը ետ կը դառնաչին, բայց ահագին խափշիկ մը ձուկի պէս կը լողար եւ, երբ ինք կղզուոյն ափունքը գտաւ, այդ գազանը կէս ճամփան առած էր արդէն, ուստի անշփոթ փոքրիկ տղուն ձեռքեն բռնեց գիրկն առաւ: «Դու այստեղ այս լճափը նստէ, սիրուն Արփենիս, իմ աննման զաւակս, իմ գեղեցիկ հրեշտակս, աստուած քեզի պահապան լինի, մեր թշուառութիւնը քեզի ողորկութիւն դարձնէ եւ երջանիկ ընէ», – ըսաւ,
Автор: | Ծերենց |
Издательство: | Автор |
Серия: | |
Жанр произведения: | Исторические любовные романы |
Год издания: | 0 |
isbn: | 9781772467987 |
չունէր, ուստի կանանց եւ տղայոց վայնասունը, ճիչն ու աղաղակը, այդ զինուց շառաչմանց, մեռնողներու ողորմ հառաչանաց, կատաղի պատերազմողաց յիշոցներուն եւ հայհոյութեանց հետ, տեսնողի եւ լսողի ահուդող կը պատճառէր: Վերջապէս յարձակողք յաջողեցան մեծ բերդին դուռը բանաւ, եւ էլ ուրիշ յոյս չի մնաց դիմադրելու, բոլոր արաբացի խումբը կը դիմէր ներս կատաղաբար: Ո՜վ պիտի պաշտպանէր այդ գազաններուն դէմ խեղճ կանայք եւ մանկտիք, քանի մը զինեալ սպասաւորք դռները եւ պատուհանները ամրացուցեալ կահ-կարասեօք` վերջին եւ անյոյս ճիգ մը թափեցին դիմադրութեան, քանի մը յուսահատ կանայք աչվնին դարձած` յիմարացեալ յուսահատութենէ եւ երկիւղէ վերի բարձր պատուհաններէն ինչ որ ձեռվնին կը հանդիպէր կը նետէին այն պատերազմողաց վրայ, որ տապարներով եւ մուրճերով կը ջանային դուռն պատուհան կոտրելու, եւ ահագին ցօղերով երկաթի վանդակներ կը ճարճատեցնէին: