Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց. Читать онлайн. Newlib. NEWLIB.NET

Автор: Ծերենց
Издательство: Автор
Серия:
Жанр произведения: Исторические любовные романы
Год издания: 0
isbn: 9781772467987
Скачать книгу
որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:

      Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:

      Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ:

      ԳԼՈՒԽ Գ

      Մեր Կամսարականն եւ քեռորդին մտան յունաց բանակը, որ Վաղարշակերտի շուրջը տարածուէր էր: Հռոմէական անունը թէպէտ կը պահէին Բիւզանդիոյ կայսերք, եւ արտաքին փայլը դեռ կ'երեւար, բայց ամէն բան եւ զինուորութեան ամէն կարգ, կանոն թուլցած, աւրուած էր, հռոմէական արծիւն էր, որ լեգէոններուն գլուխը թեւերը կը տարածէր, բայց թշնամուոյն առաջին դիմադրութեան եւ հարուածին կը սլանար ի փախուստ, եւ այդ լեգէոնները միշտ մեծ քաջութիւն ցոյց կ'ուտային ներքին խռովութիւնք հանելու քան թէ թշնամուոյն դէմ պատերազմելու:

      Եթէ զինուորին քով վատութիւն եւ անկարգութիւն սովորական էին դարձած, զօրավարները նաեւ շատ անգամ շնորհուկով անուանեալ եւ ոչ արժանաւորութեամբ գոռոզ յանձնապաստան եւ անարգ պալատական` հրամայել միայն դիտէին խաղաղութեան ժամանակ քան թէ առաչնորդել պատերազմի մէջ: Այսպիսի անձ մի էր Պրոկոպիոս, որ այս հռոմէական անուանեալ բանակին Սպարապետն էր, եւ որ Թէոդորոսի թախանձանոք եւ յորդորանոք հազիւ կրցեր էր շարժիլ եւ հասնիլ Կարնոյ ի Բագրեւանդ ամենայն դանդաղութեամբ:

      Ուստի Սուրէն եւ Գրիգոր երբ մտան բանակը, ուղղուեցան Սպարապետին վրանը, որու դռան առաջ շարուած կանգնած էին հայ զօրավարին թիկնապահները: Երբ Սուրէն ուզեց անցնիլ, յոյն արարողապետը իմացուց թէ արգելք կար ներս մտնելու, թէպէտ ձայները բարձր եւ զայրագին կը լսուէին:

      Թէոդորոս փորձ պատերազմող` առաջին ակնարկին տեսաւ, որ այդ բանակը թէեւ բազմաթիւ, բայց օգուտ չունէր երկրին իւր անշարժութեան մէջ, երբ թշնամի մը կար իւր առջեւ յանդուգն եւ կատաղի, որ մինչեւ այն օր յաջողէր էր իւր ամէն արշաւանաց մէջ, եւ այդ յաջողութեան համար յանձնապաստան այնչափ, որ կը համարձակէր թշնամի մեծ բանակի մը առջեւ երկուքի բաժնել իւր զօրութիւնը: Ուստի յորդորեց զպրոկոպ արագ յարձակմամբ հասնիլ Արտազ, խորտակել արաբաց մեծ գունդը եւ միւսին, որ անցել էր Երասխը նահանջի ճամփան արգիլել եւ բնաջինջ ընել: Այս պարզ առաջարկութեան յունաց զօրավարը գոռոզութեամբ պատասխանեց.

      Ես կայսերական բանակին մեծ Սպարապետ` ոեւիցէ մարդու եւ մանաւանդ հայ իշխանի մը խրատուն կարօտութիւն չունիմ, քու պարտքդ ինձ հնազանդիլ է եւ ոչ խորհուրդ տալ: Իսկ քու երկրիդ կորուստը, աւերը, գերութիւնը իմ ամենեւին հոգս չէ:

      – Կ'իմանամ թէ այդ խօսքերուն մէջ կան այնպիսի ծանր բառեր, որոնց հիմա պատասխանել յարկ չեմ համարիր: Բայց որովհետեւ ես պաշտօն ունիմ կայսրեն այս երկիրը կառավարելու եւ սորա փրկութեան հսկելու, եւ կը տեսնեմ վտանգը, որ թէ երկրին կը սպառնայ եւ թէ այս բանակին, կը խնդրեմ իմ խորհուրդներս եթէ արհամարհելի թուին, գոնէ այնպիսի թշնամի մը չարհամարհես, որ քիչ ժամանակի մէջ եւ մէ աչաց առջեւ ոչ միայն