Թէոդորոս Ռշտունի. Ծերենց. Читать онлайн. Newlib. NEWLIB.NET

Автор: Ծերենց
Издательство: Автор
Серия:
Жанр произведения: Исторические любовные романы
Год издания: 0
isbn: 9781772467987
Скачать книгу
լաւ մեռած էին, դարձաւ վիրաւորին քով, պատեց վէրքը ինչչափ կրցաւ, հեծուց իր ձիուն վրայ եւ շտկուեցաւ մօտակայ վանք մը, որ լեռանց ափափայից վրայ շինուած դժուարաւ գտանելի տեղ լինելուն կը յուսար թէ բարբարոսաց ոտքերը չեն հասած, եւ իրօք այնպէս գտաւ ինչպէս կը յուսար: Կրօնաւորք սիրով իջան անապատեն թաղելու համար իրենց քրիստոնեայ եղբարց մարմինները: Իսկ Զաւէն, որ Գրիգորի մարմինը կը փնտրեր` չը գտնելով ոչ նորա եւ ոչ Սուրէնի մարմինը, փառք կ'ուտար աստուծոյ եւ կ'ըսէր. «Օր մը անշուշտ յանկարծ կ'ուգայ եւ ես ձեռոքս իրեն կը յանձնեմ քուրիկը»:

      Անկից իջաւ ծովեզրը, լիճը խաղաղ կը ծիծաղէր` անտարբեր մարդկային ողորմելի յուզմանց վրայ, ելաւ լողալով մակոյկին քով նստաւ, նոյն տեղ, ուր Արփենին առաջի օրը նստած կը սպանէր իւր մայրիկին, ջուրը իւր վճիտ կերպարանքն առաւ. ան ատեն նայեցաւ եւ տեսաւ ջուրին տակ մայր ու աղջիկ քովե-քով, մտաւ եւ առանց դժուարութեան հանեց զիրենք ցամաք. ըսաւ ինքնիրեն. «Աստ այս կղզին անխօս վկայ այս սքանչելի մօր եւ հրեշտակային զաւկին պարկեշտութեանց թող իըենց գերեզման լինի. ապագային մէջ աւազակաց եւ արիւնարբու ճիւաղաց թերեւս միմիայն ապահովութիւն աստ գտնուի. մինչեւ որ իշխանիկը երեւան ելնէ»: Մտաւ մակոյկը, գնաց բերաւ ամէն պէտք եղածը, փորեց գերեզմանը աոսուոյ ծառի մը տակ, եւ երբ ամէն հանգստեան կարգ կատարուեցայ, ինք մեռելաթաղ, ինք սպասաւոր, ինք հայր եւ եղբայր եւ ամենայն լինչելով, յորդառատ արտասուոք ողողեց գերեզմանը, ինք նաեւ զարմանալով թէ ծեր զինուոր` իւր այդ աչքերը, որ հուր գիտէին թօթափել, ուստի՞ այդչափ արտասուք կը բխէին, որ բոլոր կեանքին մէջ այնչափ ունեցած չէին:

      Իսկ երբ արտասուքը սրբեց, ժողովեց աստուծոյ պաշտօնեայքը եւ հանեց բերդին առջեւ, տուաւ կրակը բորբոքեց մակոյկը, որպէսզի ոչ ոք կարէնայ մերձենալ կղզուոյն, ան ատեն. «Ամենայն ինչ կատարեալ է», – ըսաւ, եւ գլուխը կուրծքին դրած` անցեալին մէջ թաղուած այդ բերդին հանդէսները, կոչունքները, ուրախութիւնքը, սուգերը եւ տրտմութիւնքը նաեւ` ամէնքը աչքին առջեւ տեսնելով յաջորդաբար, ուր երկայն տարիներ անցուցեր էր, եւ քսանչորս ժամ բաւական եղած էր անյայտ, անյիշատակ ընելու, դարձեալ Կ'աղզուանի ճամփան բռնեց մոռնալով նաեւ իր նժոյգր, որ ծանր իր ետեւեն կը քալէր լռիկ եւ տխուր իբր թէ չի համարձակելով իւր տիրոջ խորհրդածութիւնքը շփոթել:

      Բայց վերջապէս Զաւէն իբր քունէ արթնացաւ, վասնզի ծունկերը չէին ուզէր իրեն հնազանդիլ, սաստիկ յոգնութիւն մը զինք առէր էր, հեծաւ իրեն ձիուն վրայ, նոր զգացմունք մը` գլուխը սկսաւ պտոյտ գալ, այնպէս, որ եթէ չզգուշանար պիտի ինկներ ձիեն, այս նոր երեւոյթներէն արթնացած միտքն եկաւ թէ ամենեւին բերանը բան չէր դրած, եւ արեւր մայր մտնելու մօտ էր, ուստի շտապեց եւ հասաւ այն գիւղը, ուր առջի օրը խուլ պառաւը զինք հիւրընկալէր էր:

      Դարձեալ առանձին էր պառաւը` նստած իր դռան առջեւ. դարձեալ գիւղն անապատ էր: Թէպէտ ինք հացի պատառ մը միայն ուզեց, բայց բարի պառաւը հացն ու պանիրը եւ կուժով գինին մէկտեղ գրաւ առջեւը: Եւ երբ տեսաւ թէ ախորժակով կ'ուտէր.

      – Ես մարած աչքերեդ իմացայ, – ըսաւ, – որ դու շատ անօթի ես. մեր գիւղացիքը ամէնքը լեռները փախան, աւազակներէն կը վախեն:

      – Դու չե՞ս վախեր, որ այսպէս մենակ կը նստիս, – հարցուց. Զաւէն քիչ մը ձայնով, քիչ մը նշանացի:

      – Իմ վախելու տեղս մնացե՞ր է, որ վախեմ: Ասպատակը երիտասարդ կուզէ, ինձի պէս պպռաւներուն վնաս չի հասցնէր:

      – Դու այնպէս