Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ. Читать онлайн. Newlib. NEWLIB.NET

Автор: Ռուբեն Սեւակ
Издательство: Автор
Серия:
Жанр произведения: Поэзия
Год издания: 0
isbn: 9781772467871
Скачать книгу
դիտել տանք թէ ո՜րչափ հազուադէպ են գիտապէս վաւերացուած հրաշքները։ Սակայն, եթէ հիւանդները իրենց հաւատքը փոխանակ փայտի կտորի մը, սուրբի պատկերի մը, դիակի շիրմի մը վրայ դնելու՝ այդ փրկարար հաւատքը Գիտութեան վրայ դնէին, որքա՜ն պիտի շատնար հրաշալի բուժումներու թիւը…։ Ա՛յս է հիւանդներուն տրուելիք պատուէրը։

      Բայց բժիշկներուն համար ուրի՛շ կենսական պատուէր մը կայ։

      Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար՝ իրաւունք չունի՛ս ոեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար։ Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է։ Պ իտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն։ Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը՝ փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես։

      Պիտի հարցնես սակայն թէ կարելի՞ է հրաշքը գիտական հաւատալիքներու կարգը դասել։ Անշուշտ կարելի է։

      Գերբնական կարծուող հրաշքը այնքան բնական է, որքան երկինքէն ինկող քարը։ Միայն թէ՝ գիտունները ժխտելով անոր գոյութիւնը, դեռ չուսումնասիրեցին հրաշագործումի օրէնքները եւ բախտին ձգեցին հրաշքի կատարումը։

      Քաջութիւնն ունենանք խոստովանելու թէ հին ազգերը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնային այս գիտութիւնը։ Եգիպտացիներուն, իսրայէլացիներուն, հնդիկներուն պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով։

      Այժմ մեզի համար մութ կը մնայ հրաշագործումի եղանակը, բայց անոր սկզբունքը լոյսի մը նման պարզ է.–

      Ձանձրոյթի գաղափարը կը յօրանջեցնէ, ամօթի գաղափարը կը կարմրցնէ, գութի գաղափարը կը լացնէ, սարսափի գաղափարը կը դեղնեցնէ, բժշկուելու գաղափարը կը բժշկէ։

      «Եթէ,– կ ՚ըսէ Պարուէլ,– առողջանալու հաստատ համոզումը իշխէ հիւանդին հոգւոյն վրայ, այդ հիւանդը անխուսափելիօրէն պիտի առողջանայ»։

      Հոգեկան ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ է ֆիզիքականին վրայ, որ յանկարծական վախ մը բոլոր շարժումներդ անկարելի կը դարձնէ։ Եթէ բուռն յուզում մը կրնայ վայրկենաբար անդամալուծել, աւելի՛ բուռն յուզում մը կրնայ անդամալուծութիւնը վայրկենաբար փարատել։

      Ամէն բան կախում ունի՝ բժշկուելու գաղափարը հիւանդին մէջ ներմուծելու արուեստէն։

      Ու տեսէք թէ Սրուանձտեան – որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտնական, այլ գաւառացի վեղարաւոր մը – գիտուններու կողմէ կղպուած հրաշքի բժշկութեան դուռները ի՜նչ վսեմ պարզութեամբ կը բանայ.

      «Նայէ սա մանուկը, իր երեսներուն վրայ էրէթիկ ջրջրուկ ունի։ Սա մամիկը թէզպէհը ձեռքն առած նստեր է. մանուկին երկու բազուկները բռնած՝ իր բոյթերով ու մատներով տղուն բազկերակները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ի վայր մատները կը տանի ու կը բերէ. իր աչքերը անթարթ՝ մանուկին աչքերուն յառած է. ու երբեմն ալ արմունկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ. կը դառնայ, տղուն երեսն ի վար կը խաչակնքէ, եւ ձեռքերը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով՝ բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն ֊երբեմն ալ երեսին կը փչէ ու միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ ՚ընէ։ Յաճախ տղան կը յօրանջէ։ Կը մագնիսացնէ՞, կ՚ելեկտրականացնէ՞, թէ աղօթիւք հրաշք կը գործէ.– վերջապէս տղան հիւանդ էր եւ կ՚առողջանայ»։

      Հիմա այս պատկերին հետ բաղդատութեան դիր այն նորագոյն բժիշկները՝ որոնք յաճախ