Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր. Ռուբեն Սեւակ. Читать онлайн. Newlib. NEWLIB.NET

Автор: Ռուբեն Սեւակ
Издательство: Автор
Серия:
Жанр произведения: Поэзия
Год издания: 0
isbn: 9781772467871
Скачать книгу
չունիս խորհելու, եւ սակայն վարագոյրդ ալ չես կրնար գոցել՝ որովհետեւ ձեռքերդ ամէնուն վէրքին մէջ պիտի մխես։ Նո՛յն օրուան անկողնին մէջ ուր մեռելի մը դիակը դեռ չէ պաղած՝ նոր հիւանդ մը կը պառկի, ապրելու յոյսով…։ Նոյն երկաթէ սեղանին վրայ քանիներո՜ւ արիւնը իրար կը խառնուի ամէն օր, ու կը լերդանայ անկիւն մը…։ Ու այդ բոլոր ցաւերը ա՛յնքան նման են իրարու որ հազի՜ւ թէ կարենայիր զանազանել իրարմէ։ Անգամ մը սակայն զարհուրելի պարագայ մը ներկայացաւ։

      Ձմրան առտու մը, տաքուկ սենեակիս մէջ նախաճաշս կ ՚ընէի՝ բոլո՛ր մասնիկներովս վայելելով այն երջանիկ հանգստութեան ժամը, որ առաւօտեան ժամն է հիւանդանոցին մէջ։ Յանկարծ մէկը արագ ֊արագ դուռս ծեծեց։ Գթութեան քոյրն էր, Մեծ֊քոյրը, տարիքոտը։ Բոլորովին տժգունած՝ ինծի բացատրեց որ այրուած կին մը բերեր ու արդէն իսկ գործողութեան սեղանին վրայ պառկեցուցեր էին։ Զարմացայ. այրուածները հազուագիւտ չեն. ինչո՞ւ ուրեմն այսքան այլայլեր էր այս կինը որ ահագի՜ն ցաւեր շոյած ըլլալու էր իր ծերունի ձեռքերուն մէջ…։

      Իսկոյն վար վազեցի։ Գարշելի նեխութիւն մը փռուած էր սեղանին վրայ։ Երեսը ծածկեր էին որ հիւանդը չսոսկայ ինքնիրմէն։ Ամբողջ կուրծքը՝ վիզէն մինչեւ որովայնը՝ բաց վէրք մըն էր, վերէն վար։ Թեւերը աւելի սոսկալի էին, մորթը այրեր, ճարպը հալեր, մկանները սեւցեր, բարակցեր, կախուեր էին չուաններու պէս…։ Պէտք էր այդ բոլորը մաքրել, կտրել, նետել, ողջը մեռածէն զատել։ Բայց մկրատին դպած տեղը արիւնը կը բխէր, մելանի գոյն, թանձրացած կաթիլներով…։

      Կրակը կրակով կը մաքրուի։ Ու հրաշէկ երկաթը սկսաւ գործել, արիւնի ակերը խարանել, բաց վէրքերուն մէջ պտտիլ։ Իր կարմիր համբոյրին տակ դեռ կեանքոտ դնդերները կը կծկտէին, որովայնը կը գալարէր, մորթազերծ կուրծքը կ ՚ելեւէջէր ցաւագին շարժումներով։

      Կոկոն֊կոկոն ստինքները այրեր, հալեր էին։ Տեղ ֊տեղ վարդագոյն մորթի պատառներ մնացեր էին դեռ՝ վարդի փրթած թերթերու պէս։ Տեղ ֊տեղ դեղնած ճարպ մը կ ՚երեւէր՝ թարախի գոյն, մինչեւ բազուկներուն խոռոչին տակ։

      Ճենճերոտ մուխը կը բարձրանար, կը գալարուէր, սենեակը կը լեցնէր. այրուող մսի հոտը թոքերը կը խեղդէր։ Գթութեան փոքրիկ քոյրերը մէկիկ ֊մէկիկ անհետացան՝ արցունքը աչքերնուն մէջ. յետոյ Մեծ ֊քոյրն ալ գնաց՝ թաշկինակը քիթին…։

      Հիմա մինակ էինք, ես ու կենդանի դիակը։ Եթէ նոյնիսկ գիտութիւնը հրաշք մը ընէր, ինչպէ՜ս պիտի ապրէր, ինչպէ՜ս պիտի շարժէր ան. երկար հոգեվարք մը չպի՞տի ըլլար իր կեանքը։ Ա՜խ, ի՜նչ կ ՚ըլլար որ կարմիր երկաթը սխալմամբ մօտենար, այրէր, ճեղքէր այն խոշոր երակը, որ ահա՛ բազուկին տակ կը տեսնուէր, մե՜րկ, անվթա՜ր, կեանքի՜ տրոփիւններով…։ Ո՛չ, ո՛չ, կեանքը նուիրական է…։

      Ցորեկէն վերջ իր սրահը գացի։ Անկողնին քով մարդ մը նստեր էր, ի՛ր հայրը։ Գլուխը կախեր էր՝ անբան ու երերուն՝ սարսափած կենդանիի մը պէս։ Դողդոջ ձեռքերով աղջկան դէմքը բացաւ, իր ճմռթկած երեսները անոր այտերուն քսեց, համբուրեց, լացաւ…։

      Այն ատե՛ն միայն տեսայ այդ տասնեօթ տարու դէմքը, այդ կապուտակ աչքերը, այդ արեւոտ մազերը։ Բայց այս իմ ճանչցած լուսնոտ աղջիկն էր, որ իր ախտին մէկ նոպային՝ կրակին վրայ ինկեր ու այրեր էր։

      Երեսին ճերմակ քողը դարձեա՛լ ինկաւ ծերունիին ձեռքերէն…։ Ուրեմն գինով Սիմոնը ա՛յս էր, ոճրագործը ա՛յս էր, օղիով յագեցած այս գարշահոտ մարմինը՝ որ լուսնոտներու, այսահարներու, պակասաւորներու, նզովուածներու սերունդ մը կը