շնորհէ. ո՛հ, իմ Սեւ լեռան պայծառ արեւ, ե՜րբ քու սեւ ժայռերուդ վրայ պիտի կանգնիմ, եւ զթորոս ան ատեն պիտի տեսնեն իմ ազգս եւ օտարները, չէ՛ թէ տղայ մը, որ վերեն վար կը կշռեն, այղ հսկայ մը, որու հետ խօսելու համար պէտք է վարեն վեր խօսին. եւ պէտք է այդ Անդրոնիկոս համոզուի, թէ կորիւնը առիւծ է. ո՜հ դաւաճաններ, խեղճ երիտասարդ մը իրօք առիւծ էր, կորիւն առիւծու, իմ եղբայրս, իմ Ռուբենս, ճիշտ (այսօրուան տարիքս ունէր, առիւծի ուժ, առիւծի սիրտ ունէր. աչքին լոյսն առի՛ք արեւը խաւարեցուցիք. երեք մտանք բանայ, անոնք հոն հալումաշ մեռան, եւ ես մինակ կ'ելնեմ, բայց խրատուած անոնց օրինակեն եւ անոնց սխալներէն: Ո՜վ աստուած իմ, տո՛ւր ինձ մտաց կարողութիւն չի մատնելու զիս, մինչեւ, որ Ռուբինեան խաչին դրօշակը տնկեմ Տորոսի բարձանց վրայ: Բայց ահա առջի քայլերս ինձի կը ցնցեն աս խաւարին մէջ, աս անոք, անօգնական թշնամի երկրին մէջ բարեկամ ձեռք մը առ իս կարկառեալ. բայց բարեկամ հազար ձեռքեր միթէ իմ հարազատիս չէի՞ն կարկառեալ. գեղեցիկ, անձնեայ, կորովի, անվեհեր, սիրելու համար, բարեկամութեան համար միայն ստեղծուած, ո՜վ կրնար ըսել թէ մարդ մը կրնար գտնուիլ, որ զինքն ատէր, կանայք բոլոր իրեն սիրահար էին, երիտասարդք բոլոր իր ձեռքը կը փնտրէինք ո՜հ բիւզանդեան սէր, ո՜հ բիւզանդեան բարեկամութիւն. աս քաղքին պարիսպները ինչքա՜փ անիծեալ կիրք կը պատսպարէն. այդ պալատին ոսկեզօծ շողշողուն գմբէթները քանի՜ զազիր ապականութեանց շիրիմներէն: Իրաւ հօրս սուրը իմ սիրտս շարժեց, բայց միթէ Անդրոնիկոս ինք չի կրնար լինիլ այդ սուրը հոս` սա՛ պատեն վար կախել տուողը, որպէսզի զիս ալ եղբօրս ճամփան ղրկէ եւ ազատի ան վրեմխնդրութենեն թէ որ Ռուբենի նման եղբայր մը՞ կա… բայց Ստեփանէ՜ բայց Մլե՜հ ի՞նչ եղան, ձայներնին չի կայ. թէ որ անոնք շարժէին, կեանքի նշան տային, զիս բանտեն հանող մը անշուշտ չէր գտնուէր… Կիլիկիա Ի՜նչ վիճակի մէջ է, ո՞վ ինձի տեղեկութիւն մը պիտի կարէնայ տալ… Ես… այո՛, ես. պէտք է անձամբ երթամ, բայց մինչեւ այն օրը ես պէտք է լինիմ ան հռովմայեցուոյն պէս, որ իր հայրենիքը ազատելու համար սուտ խենթ մ՚եղաւ, ես ապուշ մը կ'ըլլամ, եւ թէ որ նա զիս այնպէս կարծե` հաւանական է թէ բոլոր պալատականք այնպէս պիտի կարծեն: Բայց ապուշ մը կին կրնա՞յ սիրել… այդ դուռը դնող, այդ սուրբ կախող ձեռքը իմ դիմակս հաւանական թէ կուզէ սկրդել… տեսնենք ո՞վ պիտի յաջողի այս խաղին մէջ, եւ յաղթութիւնը որո՞ւ պիտի լինի: Անշուշտ իմս, այո՛, իմս պէտք է լինի. վասնզի ես ցամաքի եւ ծովու պիտի տիրեմ. այս է գուշակութիւնը… այո՛, գուշէկութիւն երազի. բայց ի՜նչ է երազը, ո՜վ կրցեր է մեկնել անոր ուսկից գալը, ի՜նչ է անոր նշանակութիւնը… ես ուզեցի իմանալ երազը` Մովսէսի Ծննդոց գրքեն մինչեւ Գորգիաս Լէոնդացի, Դանիէլի Բաղդասարեն մինչեւ Բռոթակոր Ապտերացի, եւ համոզուած եմ թէ երազները նշանակութիւն ունին, երբ որոշ են, պարզ հոգուոյ, յստակութեան քունի մէջ եւ ծնունդ հանդարտութեան մտաց, եւ իմ փառաւոր ծերս յիրաւի աստուածային կերպարանք ունէր իր վսեմ եւ լուսալիր դէմքով, իր փառահեղ մօրուքով, իր նշոզագեզ աչօք, որու ակնթարթը զիս տղայութենէ ի մարդ փոխարկած էր, երբ արթնցայ: «Ի՜նչ, – ըսաւ հայրս Լեւոն, – հացը` հայրենի հող, ձուկը` ծով կը նշանակէ, դու ծովու եւ ցամաքի պիտի տիրէս, ու ես չպիտի տեսնեմ»: Եւ իրօք քանի մը օր անցաւ ու ինք մեռաւ, եւ ես մնացի մինակ, աս աշխարհիս վրայ օտար, բանտարկեալ, պաշարեալ բոլոր իր թշնամիներեն… իր թշնամիները թէ որ մինակ լինէի՜ն, բոլոր հայութեան թշնամիներէն. վասնզի ես թէ որ